2013-02-14 14:16:03

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց քառասունվեցերորդ–Գլուխ Գ.­
ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ (3)
Հարցում թիւ 162. Եթէ Աստուած սէրէ, ինչպէ՞ս կրնայ դժոխքը գոյութիւն ունենալ։
Աստուած չէ որ կը դատապարտէ մարդը, այլ մարդը ինքզինք կը դատապարտէ, դրժելով Աստուծոյ ողորմած սէրը. Ինքզինք կամաւորապէս կը զրկէ (յաւիտենական) կեանքէն, մերժելով հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ հետ։
Աստուած կը փափաքի հաղորդակցութեան մէջ մտնել նոյնիսկ մեղաւորներու ամէնէն յետինին հետ։ Կ՛ուզէ որ բոլորն ալ դարձի գան եւ փրկուին։ Սակայն Աստուած ստեղծած է մարդը ազատ, ուստի եւ կը յարգէ անոր առած որոշումները. Աստուած ինքնին չի կրնար բռնադատել մէկը սիրելու։ Ինք որ իսկական Սէրն է, ՙզինաթափ՚ կ՛ըլլայ երբ անձ մը կ՛ընտրէ դժոխքը փոխանակ երկնքին։
Հարցում թիւ 163. Ի՞նչ է Վերջին Դատաստանը։
Վերջին Դատաստանը տեղի պիտի ունենայ աշխարհի վերջը, երբ Քրիստոս դարձեալ պիտի գայ։ Անոնք որ բարիք ըրած են`պիտի յառնեն դէպի կեանք տանող յարութեան համար, իսկ անոնք որ չարիք գործած են` դէպի դատաստան տանող յարութեան համար (Յովհաննէս 5,29)։
Երբ Քրիստոս վերադառնայ աշխարհ իր փառքին մէջ, ան պիտի ցոլացնէ մեր վրայ բոլոր փայլը իր լոյսին։ Ճշմարտութիւնը պիտի երեւի յայտնապէս. Մեր մտածումները, մեր գործերը, մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ եւ բոլորին հետ… այս բոլորէն ոչինչ թաքուն պիտի մնայ։ Այն ատեն մենք պիտի իմանանք Ստեղծագործութեան բուն վերջնական իմաստը, պիտի հասկնանաք թէ ինչ սքանչելի միջոցներ օգտագործած է Աստուած մեզ փրկելու համար։ Պիտի գտնենք ի վերջոյ պատասխանը այդ մշտատտեւ հարցին թէ ինչու՞ չարը կրնայ այսքան ուժեղ ըլլալ, մինչ իրականութեան մէջ` Աստուած է Ամենահզօրը։ Վերջին Դատաստանը էապէս վերջնական դատաստանն է բոլորիս համար։ Այն ատեն է որ պիտի վճռուի թէ մենք յարութիւն պիտի առնենք յաւիտենական կեանքին համար թէ պիտի բաժնուինք առ յաւէտ Աստուծմէ։ Անոնք որոնք կեանքը ընտրած են, Աստուած զիրենք պիտի առաջնորդէ դարձեալ որպէս ստեղծիչ ՙնոր մարմնի մը մէջ՚ (2 Կորնթացւոց, 5,1), պիտի ապրին ցմիշտ Աստուծոյ փառքին մէջ եւ զինք պիտի պաշտեն, հոգւով եւ մարմնով։








All the contents on this site are copyrighted ©.